Փայլան կը պաշտպանէ կրօնքի դասի պատճառաւ տուժածներու իրաւունքը
Երկրորդական դպրոցներու ուսման ծրագրին մէջ կրօնքի դասերուն պարտադիր դարձուելով նոր խոչընդոտներ կը յառաջանան։ Փոքրամասնութեան դպրոցները եւ կարգ մը օտար վարժարաններու աշակերտներ կանոնադրութեամբ զերծ կը համարուին կրօնքի դասերէն։