Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութիւնը կոչ կ՚ուղղէ ապաշրջփակել Լաչինի միջանցքը
Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած Արցախի շրջափակման 200-րդ օրուան առիթով, Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան համանախագահներ Ռէյչըլ Թամըս եւ ծերակուտական Լէօ Հուսաքոս հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, ուր կը շեշտուի շրջափակման անյապաղ վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակը։ Սնունդի սուր պակասն ու սակաւութիւնը, վառելանիւթի ու ելեկտրականութեան հասանելիութիւնը, արտերկրի հետ հաղորդակցութեան բացակայութեան հետ միատեղ […]