«Ժողովուրդ մը իր նահատակներով կը մեծնայ, կը հզօրանայ ու կը յաւերժանայ»․ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս
ԱՐՑԱԽԵԱՆ 44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ 27 Սեպտեմբեր 2020-ը ճակատագրական եւ հայոց պատմութեան մէջ իր սեւ կնիքը դրոշմած թուական մը եղաւ։ Արդարեւ, անգամ մը եւս թուրք-ազերիական բարբարոսութեան ենթարկուեցաւ Արցախ աշխարհը, որուն հետեւանքով հայ ազգը տուաւ աւելի քան 5000 նահատակներ, 200-է աւելի գերեվարուածներ, հարիւրաւոր անհետ կորած հայորդիներ, ինչպէս նաեւ կորսնցուց հողային …