Հօրդ իշխանութիւնը, որքան ալ երկարի, յաւիտենական չէ․ եղի՛ր վեհանձն
Բաց Նամակ Աշոտ Փաշինեանին Աշո՛տ, տղաս: Ներէ, որ քեզ կոչեմ տղաս, նախ, որովհետեւ զաւակիս տարիքը ունիս, երկրորդ՝ Հայաշխարհին մէջ այսօր, դո՛ւն ամենաշատը խոցելիներէն ես, հետեւաբար՝ հոգածութեան կարօտ: Լաւ կը հասկնամ, որ դիւրին բան չէ լայն տարողութեամբ ժողովրդային ցասումի առարկայ վարչապետի մը զաւակը ըլլալ: Կ՛ըմբռնեմ, որ անփորձ երիտասարդի մը հոգեմտաւոր կարողութիւններուն համար, չափազանց դժուար է հաւասարակշռութիւն …